2009-07-30 10:55:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը` վերադարձ դէպի գասթել Կոնտոլֆօ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը` վերադարձ դէպի գասթել Կոնտոլֆօ



Չորեքշբաթի երեկոյեան, Պենետիկիտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասթել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոց հասաւ, 17 օր մնալէ ետք Լը Գոմբ լեռնավայրին մէջ։ Շնորհակալութեան խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը լը Գոմբի ոտիկանութիւնը որակեց որպէս վերապահ եւ արդիւնարար պահապան հեշտակներ։ Հրեշտակները թէեւ անտեսանելի են սակայն արդիւնարար, դուք ալ նոյնը եղաք ինծի համար։ Ձեր մէջ անցուցի երկնայն խաղաղութիւն մը, մշտատեւ լռութիւն, ուր միմիայն լսելի են Արարիչին ու թռչուններու ձայները։

Քահանայապետական ամառանոցի կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են, ինչպէս ամէն տարի օգոստոս 6-ին հոգեհանգստեան պատարագ Պօղոս Զ. Պապի մահուան տարելիցին առթիւ, ապա 15 օգոստոս Աստուածածնայ վերափոխման տօնին սուրբ պատարագ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ։ իսկ Կիրակի 2 օգոստոսին կէսօրին հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը իսկ յետմիջօրէին համերգ մը ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին, տրուած Հռոմի քաղաքապետէն։



Օգոստոս ամսուայ աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւնը



Սրբազան Քահանայապետը օգոստոս ամսուան համար Աստուծոյ ժողովուրդէն կը խնդրէ աղօթել

- որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն որպէսզի հանրային կարծիքը աւելի զգայ կարիքները գաղթականներու եւ փախստականներու եւ դրական լուծումներ որոնել անոնց կացութեան որ յաճակ ողբալի է։

- որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւնը, որպէսզի բոլոր այն քրիստոնեաները որոնք հալածուած ու հարստադարուած են շատ մը երկիրներու մէջ Քրիստոսւի անունին համար, ճանչցուի մարդկային իրաւունքները, կրօնական հաւասարութիւնը ու ազատութիւնը, որպէսզի կարողանան հրապարակաւ հռչակել ու ապրիլ իրենց հաւատքը։



2010ի Քահանայապետի խաղաղութեան պատգամին նիւթը. ''եթէ կ'ուզես խաղաղութիւնը զարգացնել, պահպանէ արարչագործութիւնը։



Յունուար մէկը եկեղեցւոյ համար խաղաղութեան համաշխարհային օր է։ Ամէն տարի Նորին Սրբութիւնը բնաբան մը կ'ընտրէ կեդրոնանալու խաղաղութեան վրայ։ 2010ի համար Քահանայապետը ընտրեց խաղաղութեան օրուան համար հետեւեալ բնաբանը. ''եթէ կ'ուզես խաղաղութիւնը զարգացնել, պահպանէ արարչագործութիւնը։ Իր այս բնաբանով Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը եւ բարի կամք ունեցող մարդիկը պահպանելու եւ խնամելու արարչագործութիւնը եւ այդ մշակոյթով խաղաղութիւնը հաստատած կ'ըլլանք։ Եթէ մարդկային ազգը չկարողանայ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները վերանորոգ արդարութեամբ, ընկերային հաւասարութեամբ ու միջազգային զօրակցութեամբ, պատճառ կը դառնանք ժողովուրդներու միջեւ բախումներու։ Սրբազան Քահանայապետը իր վերջին շրջաբերական թուղթին մէջ ''սէրը ճշմարտութեան մէջ'' կը գրէ բնութեան պահպանումը հրաւէր մընէ ուղղուած համայն մարդկութեան պաշտպանելու եւ պահպանելու բնութիւնը որմէ ամէնքս կախում ունինք, ասիկա համաշխարհային կարգ մըն է հաստատուած Արարիչէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.